(Ռատիօ Վատիկան) 10 Մայիս 2015-ին նշուեցաւ Սավոնայի Ողորմութեան Տիրամօր` 1815-ին, Պիոս Ը Քահանայապետի կողմէ կատարուած Թագադրումի 200րդ տարեդարձը։
Այս առթիւ` ժամը 4-ին, Սավոնայի Ողորմութեան Տիրամօր Պազիլիքայի մէջ Կարդինալ Տոմենիքօ Քալքանիոն, մատուցեց սուրբ պատարագ որուն ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին տեղւոյն եպիսկոպոսին յղած պատգամին, որուն մէջ Սրբազան Հայրը գրած է` ''կ՛ուզեմ միանալ` Սավոնայի թեմի Աստուծոյ ժողովուրդին ջերմեռանդութեան, յարգանք մատուցելու Ողորմութեան Տիրամօր, հայցելով յատուկ օրէն Անոր Մայրական հովանին, Ողորմութեան արտակարգ յոբելեանին վրայ, զոր քիչ ժամանակ առաջ հռչակեցի''։
Նորին Սրբութիւնը ապա ինքզինք դնելով իր նախորդին` Պենետիկտոս ԺԶ հետքերուն վրայ խնդրեց ապաշխարութիւն ու դարձ ու կրկնեց ''Ողորմութիւն եւ ոչ թէ արդարութիւն''։
Նորին Սրբութիւնը ապա վերյիշեց Պիոս Ը բանտարկութիւնը Նափոլէոնի կողմէ ու Քահանայապետին կամքը այցելելու Ողորմութեան Տիրամօր Սրբավայրը եւ այս ուղղութեամբ կատարած ուխտը` Թագադրելու զայն, երբ բանտարկութենէն ազատ արձակուի։ Այդ պատահեցաւ 10 Մայիս 1815-ին եւ նոյն տարուայ 24-ին Պիոս Ը` հաստատեց Ամենասուրբ Մարիամ` օգնական քրիստոնէից տօնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով թէ Ողորմութեան Տիրամայրը արդարեւ միշտ մօտիկ է ու թիկունք կը կանգնի իր զաւակներուն որոնք կը գտնուին վտանգի մէջ եւ կամ, ինչպէս կը պատահի մեր օրերուն, կը տառապին հալածանքներու եւ հարստահարումներու պատճառաւ։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը եզրափակեց մաղթանք յայտնելով որ մինչ կը մօտենայ արտակարգ սուրբ տարին, համայն եկեղեցւոյ մէջ խորացուի եւ տարածուի Ողորմութեան Տիրամօր ապաւինումը, ապա Եպիսկոպոսին, թեմի հասարակութեան ու բոլոր Սավոնայի հաւատացեալներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |